2011-02-22 13:24:27

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը Կոչ Կ՝ուղղէ Որպէսզի Դադրին Բռնութիւնները Լիպիայի Մէջ։


Միջազգային հասարակութիւնը միաձայնութեամբ կը դատապարտէ Լիպիայի մէջ պատահածները,առաջին շարքին ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը՝ Պան Քի Մուն որ կոչ ըրաւ ՝՝ուժի չդիմելու եւ հիմնական ազատութիւնները յարգելու՝՝. Անտարակոյս Լիպիան կ՝ապրի ողբերգական ժամեր եւ հաղորդակցութիւնները անբաւարար են եւ դժուար։ Արաբական ու մահմէտական աշխարհի ապրած այս տագնապի կարեւոր հետեւանքը գաղթականութեան նշանակալի աճումն է միջերկրական ծովի հիւսիսային ափերուն ,ուր կը գտնուի Իտալիոյ Լամբէտուզա Կղզին ,եւ ուր նաեւ կացութիւնը սկսած է տագնապալի ըլլալ,մեծաթիւ գաղթականներու ներկայութեան պատճառաւ ,որոնք խարխուլ նաւերով գրեթէ ամէն օր Լամբէտուզա կը հասնին Լիպիայէն ու նաեւ Թիւնիզէն։ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ` ԱՆՎՆԱՍ։ Երէկ Պահրէյնի 70 հոգինոց հայ համայնքի պատասխանատուները կապ հաստատեցին Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեանի հետ, որ իր կարգին լիբանանի «Ազդակ»օրաթերթին յայտնեց որ ՝՝վերջին դէպքերուն լոյսին տակ Պահրէյնի հայ համայնքը որեւէ վնաս չէ կրած՝՝:

Միւս կողմէ այսօր Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը ֆրաթթինի Եգիպտոսի մէջ կ՝ունենայ տեսակցութիւններ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններու հետ ընդ որս Մարաջախտ Մոհամմէտ Հիւսսէյին Թանթաուի-ի հետ,Զինեալ Ուժերու Պարագլուխը եւ միաժամանակ Պաշտպանութեան Նախարար ։







All the contents on this site are copyrighted ©.