2011-02-22 13:53:44

Ամերիկայի Բռնագրաւումին Հետեւանք՝ Հազարէ Աւելի Իրաքցի Քրիստոնեաներ Սպաննուած Են. Յայտարարած Է Գերապայծառ Լուի Սաքօ` Առաջնորդը Քիրքուքի Թեմին։


Վիեննա կատարած իր հակիրճ այցելութեան ընթացքին, Գերապայծառ Լուի Սաքօ յայտարարած է թէ ամերիկեան բանակի 2003-ին Իրաքը բռնագրաւումէն մինչեւ այսօր հազարէ աւելի քրիստոնեայ իրաքցիներ սպաննուած են, անոնց շարքին եպիսկոպոս մը եւ հինգ քահանաներ։ Նոյն շրջանին 52 եկեղեցիներու դէմ յարձակումներ կատարուեցան։ Իրաքի քրիստոնեաները կը շարունակեն վախի մէջ ապրիլ։ Եկեղեցին ամէն ջանք կը թափէ համոզելու քրիստոնեաները ՜՜Իրաքի՝՝ մէջ մնալու եւ այդ պատճառաւ անոնք (ըսած է առաջնորդ Լուի Սաքօ, մեր նիւթական ու բարոյական օգնութեան պէտք ունին։ Ապա Քիրքուքի առաջնորդը դիտել տուաւ թէ Իրաքի քրիստոնեաները երկրէն կը հեռանան ոչ միայն անապահովութեան պատճառով այլ նաեւ տնտեսական պատճառներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.