2011-02-22 13:51:08

2011 Տարւոյն՝ Քարասնորդացի Պատգամի Ներկայացում


Ի պատրաստութիւն քառասնորդաց շրջանին` Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնին մէջ այս առաւօտ ներկայացուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 2011 տարւոյն՝ Քառասնորդացի <<Մկրտութեամբ թաղուեցաք Քրիստոսի հետ եւ Յարութիւն առիք անոր հետ>> տիտղոսով պատգամը։

Ս. Պետրոս Առաքեալի Աթոռի Տօն
Երեքշաբթի 22 փետրուարին եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Պետրոս առաքեալի աթոռի տօնը։ Սրբազան Քահանայապետը այս նիւթին շուրջ անդրադարձաւ անցեալ կիրակի օրը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթէն առաջ իր խորհրդածութեան ընթացքին, ըսելով <<Ս. Պետրոս եղաւ առաջինը առաքեալներուն, Յիսուս անոր յանձնեց պարտականութիւնը՝ հովուելու եւ առաջնորդելու Աստուծոյ ժողովուրդը դէպի երկինք>> Ապա յորդորեց Եկեղեցւոյ բոլոր հովիւները ըլլալու, առաքեալներու նմանութեամբ, այլ ոմն Քրիստոսներ։









All the contents on this site are copyrighted ©.