2011-02-21 17:04:06

Հռոմի Մէջ Միջոցառում Մար Մարունի Արձանի Զետեղման Առթիւ։


Յառաջիկայ 23 փետրուարին՝ Հռոմի Սուրբ Պետրոսի տաճարի գաւիթներէն մէկուն մէջ կը զետեղուի Լիբանանու պաշտպան եւ Մարոնիթներու եկեղեցւոյ հիմնադիր` Մար Մարունի մարմարէ սպիտակ արձանը։ Այս առթիւ 21 փետրուարի յետ միջօրէին Հռոմի Մարոնիթներու վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ դասախօսական երեկոյ մը որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Հայր Ապտօ Պատուի` տնօրէնը՝ Լիբանանու ՜՜Գասլիք՝՝ Համալսարանի Ծիսական Մասնաճիւղի <<Մար Մարունը եւ Մարոնիթները։ աշխարհապատմական ուղեւորութիւն>> նիւթով ապա Հայր Սարգիս Թապպար` դասատու Պէյրութի Ազգային համալսարանին, կ՛ անդրադառնայ <<Հռոմի Մարոնիներու վարժարանը՝ կրօններու եւ քաղաքակրթութեան երկխօսութեան վայր>> նիւթին մասին, իսկ Էտմոն Արքեպիսկոպոս ֆարհաթ` Պապական Նուիրակը կը խօսի <<Մարոնիթ կեանք մը ի սպաս Սուրբ Աթոռին>> անձնական փորձառութեան մասին։ Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 17ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.