2011-02-21 14:41:02

Հայ Եկեղեցին Կը Մասնակցի Եկեղեցինրու Համաշխարհային Խորհոուրդի Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովին


16 Փետրուար 2011, Ժընեւի իր կեդրոնատեղիին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը սկսաւ գումարել իր Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը:
Սոյն ժողովին, յանուն Հայ Եկեղեցւոյ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն մասնակցեցան Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան եւ Երէցկին Փոլա Տեւեճեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան:
Առաջին օրը, բացման հաւաքական աղօթքէեն ետք, ժողովականներ լսեցին Ատենապետ Դոկտ. Ուոլթըր Օլթմանի եւ Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Թվէյթ Օլավ Ֆիքսէի զեկոյցները ու կատարեցին համապատասխան քննարկումներ:
17 Փետրուարի առաւօտուն, Նարեկ Սրբազան դասախօսութիւն մը ներկայացուց ՙՓոփոխուող Եկեղեցական Իրավիճակը՚ թեմայով եւ ընդգծեց գաղթականութեան, համաշխարհայնացման, աշխարհականացման, առաքելութեան եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն ունեցած ազդեցութիւնը քրիստոնեաներու վկայութեան վրայ:
Յայտնենք, թէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ ժողովին կը մասնակցի Տիկ. Սեդա Խտըշեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կողմէ՝ Ռազմիկ Միքայէլեան







All the contents on this site are copyrighted ©.