2011-02-21 13:40:29

Լիպիան Քաօսի մէջ,նոյնպէս կացութիւնը լարուած՝Պահրէյնի եւ Եմէնի մէջ։


Լիպիան Քաօսի մէջ,աւելի քան 300 մեռեալներ Կատտաֆիի դէմ կատարուած ցոյցերու ընթացքին ։ Եւրոպական Միութիւնը իր քաղաքացիները կը հեռացնէ Լիպիայէն։ Իսկ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ Թրիփոլիի մէջ պատկերասփիւռի կայան մը կողոպտուած է եւ պետական շէնքեր՝ հրկիզուած։
Լիպիայի մէջ քառասուն տարուան վրայ երկարող Գնդապետ Մուամմէր Կատտաֆիի բռնատիրութեան դէմ ծաւալած ըմբոստութիւնը տարածուած է աւելի քան վեց քաղաքներու մէջ, սակայն ըմբոստութեան կեդրոնը Պենկազի քաղաքն է։ ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ լիպիական բանակի զօրամասեր Պենկազիի մէջ միացած են ընդդիմադիրներուն, եւ քաղաքը ազատագրած են Կատտաֆիի հետեւորդներէն։ Մինչ այդ լուրեր կը տարածուին թէ Մուամմէր Կատտաֆի Վէնէզուէլա խոյս տուած է։ Բայց Ալ-Արապիա հեռուստակայանը կը տեղեկացնէ թէ Կատտաֆի Լիպիա կը գտնուի,խոյս չէ տուած Վէնէզուէլա։
Ընդգծենք որ այլ բողոքները չեն դադրած եւ կը շարունակէն արաբական ու իսլամական աշխարհէն ներս...այսպէս ՊԱՀՐԷՅՆի մէջ շիիթական ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան, Ուիֆաքի ղեկավար Ապտուլ Ժալիլ Խալիլ յայտնած , որ ընդդիմութիւնը կուզէ, որ երկրին իշխանութիւնները երաշխաւորեն, թէ իրենց հաշտութեան խօսքերուն համահունչ՝ քայլեր պիտի առնեն։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շաբաթ օր Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆայի հետ քննարկած է երկրին մէջ տիրող կացութիւնը եւ ըսած է որ Պահրէյն պէտք է յարգէ իր ժողովուրդին տիեզերական իրաւունքները եւ իմաստալից բարեփոխումներ կատարէ։ Հուսկ
Ատենի մէջ Եմէնի անջատողական Հարաւային Շարժումի ղեկավարը ձերբակալուած, իսկ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ցուցարարներուն վրայ կրակ բացուած է, մինչ արաբական աշխարհի ամէնէն աղքատ այս երկրին մէջ ցոյցերը 9-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան։ Ատենի մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդուեցան, հրասայլեր եւ զրահապատ մեքենաներ քաղաքին գլխաւոր թաղամասերուն մէջ դիրքեր բռնեցին։ Հազարաւոր ցուցարարներ Իպ եւ Թաիզ քաղաքներուն մէջ նստացոյց կատարեցին, պահանջելով նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հեռացումը։ Նախագահը ընդդիմադիր կուսակցութեանց դարձեալ կոչ ուղղեց՝ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու։
Մինչ այդ կան հակասական լուրեր Սաուտական Արապիա գտնուող Թիւնիզի նախկին նախագահ Պէն Ալիի մահուան շուրջ ։ Իսկ Եգիպտոսի պետական հեռուստակայանը տեղեկացուց թէ քաղաքական 108 բանտարկեալներ ազատ արձակուեցան,անոնց մեծ մասը ձերբակալուած էր 25 յունուարի հակա-Միւպարէք ցոյցերու ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.