2011-02-21 17:05:45

Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու 44-րդ համաժողովի փակում


Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու 44-րդ համաժողովը, որ սկսաւ անցեալ երկուշաբթի օր՝ 14 փետրուարին, վերջ գտաւ այսօր Պքերքէյի մէջ, նախագահութեամբ մարոնիթ պատրիարք կարդինալ Սֆէյրի եւ մասնակցութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, յոյն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կրէկորիոս Գ. պատրիարքին, ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եունան պատրիարքին եւ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու եւ միաբանութիւններու մեծաւորներու։

Համաժողովին հիմնական նիւթն էր՝ կաթողիկէ Եկեղեցիները Լիբանանի մէջ, որպէս ընկերութիւն ու վկայութիւն, եւ Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսի առաջադրանքները։ Այս առաջադրանքներէն համաժողովը կեդրոնացաւ քրիստոնեայ ներկայութեան, եկեղեցական ընկերութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան վրայ։ Այս գծով տեղի ունեցան գիտական եւ ուսումնասիրական քննարկումներ։

Նոյնպէս համաժողովը անդրադարձաւ աշխարհական հաւատացեալներուն հետ առընչուող 24-րդ առաջադրանքին, գնահատելով անոնց բեղուն ներդրումը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ աշխուժացնելով անոնց դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը Լիբանանի մէջ։ Ինչպէս նաեւ նիստերու օրակարգին մաս կազմեցին քրիստոնէական կրթութիւնն ու քրիստոնէականի ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, Եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան վերաշխուժացումը ակնարկելով սիրոյ եւ արդարութեան շարժումի դրական գործունէութեան եւ քարոզչութեան։ Վերջապէս համաժողովի հայրերը անդրադարձան ժողովրդային բողոքներուն, ցոյցերուն եւ մեծ փոփոխութիւններուն, որ տեղի կ՛ունենան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։ Այս ուղղութեամբ, ժողովականները փակման հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեցին շրջանի իշխաննութիւններուն ծառայելու ընդհանուր բարիքին համար, ապահովելով ընկերային, տնտեսական եւ բարեկարգման նպաստաւոր պայմանները. նոյն ժամանակ կոչ ուղղեցին Լիբանանի պետերուն ապահովելու երկրի բարձրագոյն շահերն ու գործակցելու արաբական երկիրներու եւ ՄԱԿ-ին հետ միջազգային օրէնքներու հովանիին տակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.