2011-02-20 09:15:03

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐՏ ԴԷՄՔԵՐ։ ԱՐԱ ԿԻՒԼԵՐ
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ։


Ոչ միայն Օսմանեան կայսրութեան, այլ նաեւ այսօրուան ներկայ Թուրքիոյ մեծագոյն լուսանկարիչներէն մէկը նոյնպէս հայ է՝ Արա Կիւլեր-ը : Թուրքիոյ Կիրէսոն նահանգի Շապին Գարահիսար քաղաքի պողոտաներէն մէկը անուանակոչուած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող պոլսահայ այս լուսանկարիչին անունով: Արա Կիւլեր այսօր ալ կը բնակի Պոլիս եւ կը նկատուի անցեալ դարու հայ մեծագոյն դէմքերէն մէկը, որոնք իրենց դրոշմը ձգած են մարդկութեան պատմութեան մէջ: Ան ծանօթ է «Ստամպուլի աչք» ծածկանունով եւ 2000 թուականին Թուրքիոյ մէջ ճանչցուեցաւ որպէս «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ»: Իսկ 2009 թուականին Կիւլերին շնորհուեցաւ «Լուսի» մրցանակը, որ կը նկատուի լուսանկարչութեան ոլորտի Օսքարը:
Արա Կիւլեր լուսանկարած է այնպիսի նշանաւոր քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, ինչպիսի են՝ Պերթրան Ռասսել, Ուինսթըն Չերչիլ, Առնոլտ Թոյնպի, Փապլօ Փիքասօ, Սալվատոր Տալի եւ ուրիշներ: Անոր լուսանկարները ներկայացուած են աշխարհի ամենայայտնի լուսանկարչական ցուցահանդէսներու եւ թանգարաններու մէջ: Անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ տպագրուած «20-րդ դարու լաւագոյն լուսանկարիչները» պատկերագիրքին մէջ 10-րդ տեղը կը պատկանի մեր հայրենակից Արա Կիւլերին:
Արա Կիւլեր ծնած է 1928 թուականին, Պոլիս: 1951 թուականին աւարտած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը: Լրագրութեամբ սկսած է զբաղիլ 1950 թուականէն՝ «Նոր Ստամպուլ» թերթին մէջ: Այդ տարիներուն հայերէն թերթերու եւ գրական ամսագիրներու մէջ հրապարակած է պատմուածքներ: Եղած է «Թայմ լայֆ» (1956 թուական) եւ «Փարի Մաչ» եւ «Սթըրն» ամսագիրներու (1958 թուական) Մերձաւոր Արեւելքի լուսանկարիչ-թղթակիցը: Միեւնոյն ժամանակ անդամակցած է «Մաղնում» գործակալութեան: 1961 թուականին Անգլիոյ մէջ լոյս տեսնող «Պրիթիշ Ճըռնըլ աֆ ֆոթոկրաֆի Եիր Պուք»ը Արա Կիւլերը ճանչցած է աշխարհի 7 լաւագոյն լուսանկարիչներէն մէկը: 1962 թուականին Գերմանիոյ մէջ վաստակած է «Մասթըր աֆ Լէյքա» տիտղոսը:
Հայկական միջավայրին մէջ նշանաւոր է մանաւանդ Արա Կիւլերի «Գումգափուի հայ ձկնորսները» խորագիրով լուսանկարչական տեղեկագրութիւնը, որ 1950-ականներուն տպագրուած է աշխարհի գրեթէ բոլոր հայկական թերթերուն մէջ: Իսկ Թուրքիոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը ամիսներ առաջ հրատարակեց «Գումգափուի հայ ձկնորսները» խորագիրով գիրքը, որուն մէջ տեղ գտած են վարպետ լուսանկարիչին ոսպնեակին պատկանող 56 նկարներ, որոնցմէ մաս մը մինչեւ այդ երբեք չէին հրապարակուած: Գիրքը նորովի կ՚արժեւորէ ինչպէս հայ լուսանկարիչին գործը, այնպէս ալ պատմութեան գիրկը անցած Պոլսոյ նախկին հայաշատ(նաեւ Յոյներ) Գումգափու-ի ձկնորսական թաղամասը:








All the contents on this site are copyrighted ©.