2011-02-20 09:18:03

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Երանացման Արարողութեան Առթիւ՝ Յատուկ Կայքէջ։


Յառաջիկայ 1 մայիսին Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երանացման արարողութեան առթիւ Հռոմի թեմը յատուկ պաշտօնական կայքէջ մը հաստատեց ՝՝www.Karol-wojtyla.org հասցէով՝՝ ։ Կայքէջին կէտնպատակն է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Երջանկայիշատակ Քահանայապետի մասին հաւաքել տեղեկութիւններ, անոր երանացման դատի գործընթացքը եւ այդ առթիւ ձեռնարկուած արարողութիւնները։
Կայքէջը կազմուած է վեց լեզուներով իտալերէն, սպաներէն, անգլերէն, ռումաներէն եւ լեհերէն։ Հոն զետեղուած է նաեւ տարբեր լեզուներով Յովհաննէս Պօղոս Բ.համար շարադրուած Աղօթքը։ Քահանայապետական Տան Վարչութեան յատարարութեան համաձայն Մայիս մէկի Երանացման արարողութեան համար տոմսի հարկաւորութիւն չկայ , հաւատացեալներու մասնակցութիւնը բոլորովին ազատ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.