2011-02-19 12:54:40

Ս. Սարգիսի Մասին Աւանդապատումներ


Ս. Սարգիսի մասին բազմաթիւ աւանդապատումներ կան։ Ահաւասիկ անոնցմէ մէկը։
Աղքատ Աշուղ Ղարիպը կը սիրէ մեծահարուստի մը աղջիկը՝ Շահ-Սանամին, որը նաեւ փոխադարձ սէր ունէր անոր հանդէպ։
Աղջկան հայրը կ'արգիլէ ամուսնացնել իր աղջիկը այս աղքատ Աշուղին հետ, քանի որ մտադրած էր զինք կնութեան տալ մեծահարուստի մը։
Աշուղ Ղարիպը կ'որոշէ` երթալ օտարութիւն՝ աշխատելու համար եւ նիւթական մեծ կարողութիւն կուտակելու համար։ Սակայն նաեւ իր սիրած սիրած անձէն խոստում կ՝առնէ եօթ տարի սպասել զինք, պայմանաւ որ եթէ ուշանայ (նոյնիսկ մէկ օր) աղջիկը կրնայ ամուսնանալ հօր ցանկութեամբ։
Անշուշտ այդ եօթ տարիները շատ դժուար անցած են Աշուղ Ղարիպին համար։
Ան զրկուած էր իր գեղեցկուհին տեսնելու հնարաւորութենէն, որեւէ լուր չունէր անոր մասին, սակայն չէր յուսահատած, այլ կարօտով կը սպասէր այն օրուան, երբ անոնք իրարու պիտի հանդիպին, ընտանիք կազմեն եւ ամբողջ կեանքը ապրին միասին։
Եօթ տարի շարունակ աշխատելով՝` Աշուղ Ղարիպը կարողացաւ նիւթապէս լաւ ՜՜կարողութիւն՝՝ ստեղծել եւ տուն դարձի ճամբայ ինկաւ։ Ճանապարհը փորձանքներով եւ խոչընդոտներով լեուն էր, չյուսահատեցաւ այլ ազնիւ սրտով եւ արդար մտքով աղօթեց Ս. Սարգիսին՝ հայցելով այս արագահաս Սուրբին օգնութիւնը։
Ս. Սարգիսը, լսելով սիրահարուած Աշուղի անկեղծ ու յարատեւ աղօթքը, իր արագահաս ճերմակ նժոյգով բարձրացրած մրրիկի մէջ իսկոյն կը յայտնուի, Աշուղ Ղարիպին, զինք կը նստեցնէ ձիու գաւակին եւ մէկ ակնթարթով կը հասցնէ Շահ-Սանամենի մօտ։ Աղջկան հայրը տեսնելով Աշուղ Ղարիպի կամքը, կատարուած հրաշքը, անոնց անկեղծ սէրն ու նուիրուածութիւնը, կ'օրհնէ այս ՜՜երկուսի միութիւնը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.