2011-02-19 12:53:51

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ճառը Փիլիպպեաններու Եպիսկոպոսներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով՝ փիլիպպինէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, որոնք եկած էին հնգամեայ այցելութիւն կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին , դիտել տուաւ անոնց որ Փիլիպպեան կղզեխումբի ժողովուրդը ոչ միայն տնտեսական հարցեր ունի, այլեւ կը դիմագրաւէ աշխարհականացումի, նիւթապաշտութեան ու սպառապաշտութեան հարցեր, բարեբախտաբար, դիտել տուաւ Սրբազան հայրը, նոր սերունդի մօտ հաւատքը տակաւին մեծ դեր ունի։ Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով եթէ նոր սերունդը կառչած է հաւատքին ատիկա կը պարտի տեղական եկեղեցւոյ համբերատար աշխատանքին ու անոր ներկայութեան բոլոր մարզերուն մէջ։ Սրբազան Հայրը քաջալերեց եպիսկոպոսները, որ շարունակեն հասկցնել երիտասարդներուն թէ այս աշխարհի հրապոյրը կարող չէ գոհացում տալ երջանկութեան բնական իղձին։ Աստուծոյ հետ ճշմարիտ բարեկամութիւն հաստատելով է որ նոր սերունդը կարող պիտի ըլլայ կոտորել առանձնութեան շղթան, որմէ կը տառապի մեր դիւրաբեկ մարդկութիւնը։
Ունկնդրութեան ընթացքին գերապայծառ Բալմա` եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ենթանախագահը, յանուն Փիլիպպեան եկեղեցւոյ մասնաւորապէս ու Ասիայի եկեղեցւոյ ընդհանրապէս, խնդրեց Սրբազան Քահանայապետէն այցելութիւն տալ ասիական ցամաքամասի եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Նշենք թէ Փիլիպպեաններու բնակչութեան 84 տոկոսը կաթողիկէ է, կան նաեւ մահմետականներ` 6 տոկոսը, ու նաեւ բողոքականներ եւ պուտտայականներ։










All the contents on this site are copyrighted ©.