2011-02-19 12:54:11

Լեհ Գերապայծառ Եոզէֆ Զըչինսքի-ի Յուղարկաւորութիւնը։


Այսօր շաբաթ 19 Փետրուար Լեհաստանի Լուպլին քաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Գերապայծառ Եոզէֆ Միրոսլավ Զըչինսքիի (թեմական Արքեպիսկոպոսին) որ յանկարծամահ եղաւ անցեալ 10 փետրուարին Հռոմի մէջ,մինչ կը մասնակցէր Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու Մատակարարումի Ժողովի լիակատարին ։ Անցեալ կիրակի օրը Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ իր մտածութիւնը ու աղօթքը ուղղեց Լուպլինի Արքեպիսկոպոսական թեմին,որ որբացաւ իր Հովիւէն, քանի ան դարձաւ առ Հայր մինչ իր պաշտօնը կը կատարէր ի սպաս՝ տիեզերական Եկեղեցւոյ։ Յուղարկաւորութեան կարգը կը գլխաւորէ Լեհաստանի Կառավարութեան մօտ Առաքելական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Չէլէսթինօ Միլիօրէ առընթերակայութեամբ լեհ բազմաթիւ Եպիսկոպոսներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.