2011-02-18 12:59:14

Սուրբ Սարգիսը Երիտասարդներուն Պիտի Այցելէ Փետրուար 19ին


Երիտասարդներու եւ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան օրը այս տարի պիտի նշուի Փետրուար 19ին։ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետին տնօրինութեամբ, Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր։ Ս. Սարգիսի տօնին կը նախորդէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէն հաստատուած Առաջաւորաց պահքը, որ կը տեւէ հինգ օր՝ Փետրուար 14-18։
Սոյն տօնին առիթով, շարք մը եկեղեցիներու մէջ հանդիսութիւններ կը կազմակերպուին։ Փետրուար 19ին, Ս. Սարգիս անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. պատարագ եւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ։ Նոյն օրը, նկարիչներու միութեան տան եւ Ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, իսկ երեկոյեան՝ Արարատեան հայրապետական թեմը եւ Պօղոսեան այգիները՝ հովանաւորութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ պիտի կազմակերպեն աննախադէպ տօնախմբութիւն մը Սիրահարների զբօսայգիին մէջ։

Արարատեան հայրապետական թեմը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս յայտարարած է մրցոյթներ։ Նոյն թեմը եւ Աշխարհի հայ նկարիչներու միաւորումը երիտասարդ ստեղծագործողները (մինչեւ 35 տարեկան) կը հրաւիրեն մասնակցելու ցուցահանդէսներու։

Ցուցահանդէսներուն թեմաներն են՝ սէր Աստուծոյ հանդէպ, սէր հայրենիքին հանդէպ, սէր մերձաւորի հանդէպ, սէր ծնողներու հանդէպ, փոխադարձ սէր։

Նշենք, որ Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը, երիտասարդները աղի բլիթ (աղով հաց) կ՛ուտեն, եւ անոր հետ կը կապեն իրենց փեսացուին կամ հարսնացուին երազայայտնութիւնը։ Այդ օրուան յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով մատուցարանը դնել տան տանիքը կամ պատշգամը, եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքին։ Ըստ աւանդոյթի, Ս. Սարգիս պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ եթէ մատուցարանի մէջ դրուած ալիւրին կամ փոխինդին մէջ իր սպիտակ ձիու պայտին հետքը ձգէ, այդ տարի պիտի իրականանայ հաւատացեալին երազանքը։ Տօնին առթիւ սիրահարուած երիտասարդները միմեանց բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.