2011-02-18 12:30:25

Մետվետեւի, Սարգսեանի Եւ Ալիեւի Յաջորդ Հանդիպումը՝ Սոչիի Մէջ։


Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական եռակողմ հանդիպումը պիտի կայանայ Մարտ 5ին, Սոչիի մէջ: Այս մասին, Փետրուար 17ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Մեթիու Պրայզան: Նշենք, որ վերջին անգամ, երեք պետութիւններու ղեկավարները հանդիպած էին Հոկտեմբեր 27ին, Ռուսիոյ Ասթրախան քաղաքին մէջ, ուր պայմանաւորուած էին իրականացնել ՝՝ռազմագերիներու եւ զոհուած զինուորական ծառայողներու դիակներու փոխանակում՝՝ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.