2011-02-18 13:00:29

Դաշնակցային Ռուսիոյ Նախագահը Վատիկան Այցելեց


Հինգշաբթի 17 փետրուարին Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ երկրորդ անգամուան համար Վատիկան այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ ու նաեւ Ս. Աթոռի քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մանպերթիի հետ։ Խօսակցութիւնները մասնաւորապէս կեդրոնացան քաղաքական ու կրօնական հարցերու շուրջ։ Ս. Աթոռը եւ Ռուսիան կը բաղձան հզօրացնել երկկողմանի իրենց կապերը ի շահ մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներու զարգացումին, այսպէս յայտարարած է Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, մատնանշելով որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց նախագահ Մտվետեւը։ Առանձնական հանդիպումը տեւեց 25 վայրկեան։ Նախագահ Մետւետեւ կարեւոր ռուսերէն հատորներ նուիրած է Սրբազան Հօր` օրթոտոքս եկեղեցւոյ հանրագիտարանը եւ Գրեմլինը ներկայացնող իւղաներկ մը. եւ Սրբազան Հայրը, նախագահ Մետվետեւին ըսած է ՜՜ պէտք է սկսիմ կիւրեղեան այբենարանը սորվիլ։
Իր կարգին Սրբազան Քահանայապետը հիւր նախագահին նուիրեց ՜՜Վատիկանը ներկայացնող խճանկար՝՝ մը։
Ապա նախագահ Մետվետեւը, իր արտգործ նախարար Սերկէյ Լավրովի հետ միասին հանդիպումներ ունեցան Ս. Աթոռի քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մանպերթիի հետ։ Անոնց հետ ունեցած խօսակցութիւնները կեդրոնացան մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներուն վրայ, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս, շօշափուեցաւ նաեւ՝ ՜՜միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան եւ միջազգային ու Միջին Արեւելքի կացութեան մասին՝՝ նիւթեր։ Նախագահ Մետվետեւի այցելութիւնը կու գայ ՜՜դաշնակցային Ռուսիոյ եւ Վատիկանի դիւանագիտական լիազօր կապերու հաստատումէն մէկ տարի ետք՝՝ որ տեղի ունեցած էր՝9 դեկտեմբեր 2009-ին։ Նախորդ նախագահը՝ Վլատիմիր Բութին ընդունուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն 2007-ի մարտին, իսկ 2000-ին եւ 2003-ին ան ընդունուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.