2011-02-17 12:43:43

Քահանայապետական Տարեցոյցը Մօտ Օրէն Սրբազան Քահանայապետին Կը Ներկայացուի։ ՜՜Քահանաներու թիւին աճ աշխարհի մէջ՝՝։


19 փետրուարին Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնը Սրբազան Քահանայապետին կը ներկայացնէ 2011 տարւոյն քահանայապետական տարեցոյցը որուն մէջ, ի յայտ կու գայ քահանաներու թիւին յաւելումը աշխարհին մէջ, աւելի քան 1,4 առ հարիւրը։ Քահանայապետական տարեցոյցը շատերուն համար արժէքաւոր անբաժան-ընկեր մըն է, որ կը ցոլացնէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակը։
Աւելի քան 2000 էջնոց այս կարմիր գիրքին մէջ, պատկերացուած են ՜՜կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետութիւնները, կառոյցներն ու վիճակագրութիւնները՝՝։
Ներկայիս քահանաներու թիւն է 410.593, որոնցմէ 275.542 թեմական կամ աշխարհիկ քահանաներ են, եւ 135.051ը կրօնաւոր քահանաներ են։ Այդ քահանաներուն 46,5 տոկոսը, եւրոպացի են, 8,9 տոկոսը ափրիկեցի եւ 13,5-ը ասիացի, իսկ 31,1 տոկոսը ամերկացի։








All the contents on this site are copyrighted ©.