2011-02-17 12:15:17

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ Աշակերտներուն Ներկայացուեցաւ ՜՜Ազդակ՝՝ Թերթի Աշխատանքները։


«Ազդակ»ի եւ աշակերտական-երիտասարդական խաւին միջեւ գոյութիւն ունեցող մնայուն կապը յաճախ նոր նախաձեռնութիւններով եւ համագործակցութեան քայլերով կ՚աշխուժանայ եւ կը թարմանայ։
Արդարեւ՝ երկուշաբթի, 7 փետրուարին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ դասարանի աշակերտները «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի հետ ունեցած իրենց հանդիպումին ընթացքին մօտէն ծանօթացան «Ազդակ»ի ներքին «խոհանոցին», տարուած գործնական աշխատանքներուն եւ թերթը խմորի վիճակէն մինչեւ իբրեւ եփած հաց դառնալուն ու ընթերցողին հրամցուելու ուղիին։
Բարսեղեան մանրամասն կերպով բացատրեց, թէ 10 էջերէ բաղկացած թերթին իւրաքանչիւր էջին մէջ տեղադրուած լուրերն ու նկարները ի՛նչ ձեւով կ՚ընտրուին, ի՛նչ ձեւով տեղի կ՚ունենայ անոնց դասաւորումը, իւրաքանչիւր խմբագիր ի՛նչ պարտականութիւններ ու պատասխանատուութիւններ ստանձնած է, լուրերու զտումը, պատրաստութիւնն ու համադրումը ինչպէ՞ս կը կատարուի եւ այլն։ Ան նաեւ նշեց, որ օրաթերթը ունի աշխատանքային երկու խմբակներ՝ ցերեկային եւ գիշերային, աշակերտներուն բացատրելով, թէ ինչո՞ւ այս դրութիւնը հաստատուած է, եւ անոնք ի՞նչ ձեւով կը գործեն։ Ն. Բարսեղեան նաեւ անդրադարձաւ շաբաթական դրութեամբ, տարբեր օրերու, թերթին մէջ լոյս տեսնող եւ մնայուն ներկայութիւն եղող էջերուն։ Ան աշակերտները ծանօթացուց նաեւ թեքնիք բաժինի աշխատանքներուն, տպագրական գործունէութեան՝ խոստանալով, որ աշակերտները այս բոլորը շօշափելի կերպով պիտի տեսնեն, երբ այցելեն «Ազդակ»ի խմբագրատուն։ Բարսեղեան նաեւ անդրադարձաւ օրաթերթին զուգահեռ լոյս տեսնող յաւելուածներուն եւ բացառիկներուն։
Այս հանդիպումին հիմնական նպատակն էր աշակերտները իրազեկ դարձնել թերթի աշխատանքներուն, զանոնք աւելի մօտէն ծանօթացնել գործնական աշխատանքներուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին կարենան դպրոցին մէջ փոքրիկ թերթեր պատրաստել եւ ապագային լիբանանահայ մամուլի կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունենալ։ Աւարտին, աշակերտները հարցումներ ուղղեցին թերթին եւ անոր աշխատանքներուն մասին որոնց Բարսեղեան յստակ պատասխաններ տուաւ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.