2011-02-17 12:15:29

«Հրանդ Տինք» Շարադրական Մրցանքը։


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակը ծրագրած է կազմակերպել «Հրանդ Տինք» շարադրական մրցանքը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 26 փետրուար 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-7:00, վարժարանին մէջ։
Նախաձեռնութեան նպատակն է հայկական վարժարաններուն միջեւ ստեղծել հայերէն գրելու առողջ մրցակցութեան մթնոլորտ։ Մրցանքը նուիրուած է Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի սպաննուած խմբագրապետ Հրանդ Տինքին, որպէսզի աշակերտութիւնը լաւապէս ծանօթանայ անոր արժէքին եւ գիտնայ, որ ինք ունի խօսքի ազատութիւն՝ առանց կաշկանդումներու արտայայտելու իր միտքերը եւ հետապնդելու հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը։
Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել իւրաքանչիւր վարժարանի 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններէն երեքական աշակերտներ։ Դատական կազմին մաս կը կազմեն Շահան Գանտահարեան, Ժիրայր Դանիէլեան եւ Սարգիս Նաճարեան։
Առաջին հանդիսացող վարժարանը կը ստանայ Տինքին նուիրուած յատուկ «նշանակ»ը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանակը կը մնայ համապատասխան վարժարանին մօտ։ Այս «նշանակ»ը իբրեւ խորհրդանիշ կը պահուի եւ դպրոցէ-դպրոց շրջագայութեան մէջ մտնելով կը յաւերժացնէ Տինքի յիշատակը։
Մրցանքին արդիւնքը պիտի յայտարարուի ուրբաթ, 11 մարտին, այս առիթով կազմակերպուելիք մրցանակաբաշխութեան յատուկ նախաձեռնութեան ընթացքին։









All the contents on this site are copyrighted ©.