2011-02-16 12:25:11

Արաբական Աշխարհէն Ներս Ցոյցեր ու Բախումներ։ Եմէն Եւ Պահրէյն


Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ բախումներ տեղի ունեցան կառավարամէտ եւ կառավարութեան հակառակորդ ցուցարարներուն միջեւ։ Ոստիկանութիւնը օդը կրակեց, սակայն անկարող եղաւ Թայիզ քաղաքին մէջ ցուցարարները ցրուել, իսկ Սանաայի մէջ եգիպտական ժողովրդային յեղափոխութենէն ներշնչուած ցուցարարները խոստացան դէպի ոստիկանութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի կեդրոն քայլարշաւ մը կատարել։
Պահրէյնի մէջ եւս ապահովական ուժեր երէկ արցունքաբեր ռումբեր եւ ձգախէժէ փամփուշտներ արձակեցին ցրուելու համար հազարաւոր ցուցարարները, որոնք ընդառաջած էին արաբական բարեփոխման ալիքը առաջին անգամ ըլլալով արաբական ծոց փոխադրելու կոչերուն։ Բայց եւ այնպէս, Պահրէյնի ցուցարարները կը յայտնեն, որ իրենց նպատակը իշխանութեան տապալումը չէ, այլ՝ քաղաքական յաւելեալ ազատութիւններ ձեռք ձգելը եւ երկրի կառավարման կերպին մէջ բարեփոխումներու ապահովումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.