2011-02-16 11:05:26

Անթիլիասի Մէջ Հոգեհանգիստ Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Հոգելոյս Միաբաններու։


Կիրակի 13 Փետրուարի առաւօտեան Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ որմէ ետք, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հոգեգանգստեան յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող ՙԶարեհեան Յուշարձան-Դամբարան՚ին մէջ: Դամբարանը կառուցուած է 1964-ին եւ հոն ամփոփուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասկան շրջանի հայրապետներու եւ վախճանեալ միաբաններու աճիւնները:
Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառին գլխաւորութեամբ միաբան հայրերէ ու Դպրեվանքի ուսանողներէ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ Մայր Տաճարի հիւսիսակողմը ուր կառուցուած է դամբարանը:
Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հայոց հայրապետներու եւ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներու ճամբով ծաւալած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր առաքելութեան, որուն շարունակողն է Ս. Աթոռոյս այժմու գահակալը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս, շրջապատուած Կիլիկեան Ս. Ուխտի միաբանութեամբ:

Դամբարանին մէջ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յիշուեցան Անթիլիասի մէջ հանգչող, թէ պայմաններու բերումով Մայրավանքէն դուրս թաղուած միաբան հայրերու անունները:
Տարեկան սովորութեամբ կատարուող հաւաքական սոյն հոգեհանգիստը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով կատարուող մեր եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան:
Մամուլին համար իր արտայայտած խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. ՙԱյսօր երբ կ’աղօթենք մեր նախնիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, կը յիշենք անոնց ծառայութիւնը: Թէ՜ մեր նախորդ երանաշնորհ Հայրապետները, եւ թէ հոգելոյս Միաբանները իրենց ծառայութեան լուման ձգեցին մեր ազգի ու եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ: Այսօր իրենք չկան ֆիզիքապէս, սակայն իրենց յիշատակը կ’ապրի մեր հաւաքական առաքելութեան ճամբով: Եւ այսօր նոյն առաքելութիւնն է որ կը շարունակուի դարաւոր այս Աթոռի ճամբով. առաքելութիւն մը, որուն նպատակը մէկ եղած է եւ կը մնայ՝ ծառայել Աստուծոյ, հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու մեր հայրենիքին՚:








All the contents on this site are copyrighted ©.