ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի նկարիչներու միութեան մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՀՀ Մշակոյթի
Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՝՝Էքսպոմեդիա՝՝ կեդրոնի կողմէ արդէն երրորդ տարին անընդմէջ
իրականացուող ART EXPO-2011 արուեստներու ցուցահանդէսի բացման։ Նոյնպէս Վարչապետ Տիգրան
Սարգսեանն ալ այցելեց ART EXPO-2011 արուեստներու երկօրեայ ցուցահանդեսը։ Տիգրան Սարգսեանը
ունկնդրեց ցուցահանդէսին մասնակցող հայկական ճազի յայտնի ներկայացուցիչներու կատարումները։