Պաքուի Մէջ ՝՝ԶԱՅՐՈՅԹԻ ՕՐ՝՝ Իրականացնելու Կոչ Ուղղող Երիտասարդ Գործիչը Ձերբակալուած
։
«News.am» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ
5 փետրուարին ձերբակալուած է Ազրպէյճանի ժողովրդական ՝՝ճակատ՝՝ կուսակցութեան երիտասարդական
թեւի գործիչ 20-ամեայ Ճապար Սավալանլին, որ կոչ ուղղած էր Պաքուի մէջ «Զայրոյթի օր» կազմակերպելու։ Ան
մեղադրուած է 0.7 կրամ մարիկուանա պահելու համար։ Ընդդիմադիր ուժերը կը պնդեն, որ թմրեցուցիչը
զետեղուած է Սավալանլիի գրպանը։ Երիտասարդ Ճապար դիմատետր (Ֆէյսպուք) ընկերային ցանցի
աշխուժ օգտագործող է, չի ծածկեր իր դժգոհութիւնը նախագահ Իլհամ Ալիեւի նկատմամբ եւ կոչ
ուղղած էր իշխանութիւններուն դէմ բողոքի գործողութիւններու սկսելու։