2011-02-14 14:34:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Պիտի Մասնակցի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Հաւաքի Չորս Օրերուն 18-21 Օգոստոս։


Նախատեսուած են բազմաթիւ պատարագներ եւ հանդիպումներ։
Սրբազան Քահանայապետը չորս օր պիտի անցնէ Սպանիոյ մայրաքաղաքը։
Հինգշաբթի 18 օգոստոսին, Նորին Սրբութիւնը իր առաջին հանդիպումը պիտի ունենայ 5 ցամաքամասերու երիտասարներուն հետ, բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին։ 19 օգոստոսին. Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ զանազան կրօնաւորական միաբանութիւններու պատկանող դերատի կրօնաւորուհիներու հետ ինչպէս նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ աւելի քան 1000 համալսարականներու հետ. հուսկ եւ պիտի մասնակցի ճանապարհ խաչի աղօթքին։ 20 օգոստոսին Սրբազան Հայրը պատարագ պիտի մատուցանէ ժառանգաւորերուն` Ալմութենա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ապա պիտի այցելէ ՜՜Ս. Յովսէփ՝՝ի անուան անկարներու կեդրոնը։ 21 օգոստոսին, հանդիսաւոր պատարագով պիտի եզրափակէ երիտասարութեան համաշխարհային օրը։
Նշենք թէ այս յայտագիրը լայն տեղ կու տայ Սրբազան Քահանայապետին քաղաքական զանազան հանդիպումներուն։ Ասիկա երրորդ անգամն է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը մասնակցի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։ Արքայական ամոլը` Խուան Գարլոս թագաւորը եւ Սոֆիա թագուհին անձամբ պիտի մասնակցին բարի գալուստի արարողութեան՝ Մատրիտի Պարախաս օդակայանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.