2011-02-14 07:36:40

Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը եւ Համամիութենական Կապերը։


Մոսկուայի մէջ գումարուած Օրթոտոքս եկեղեսւոյ 216 եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի նիստի ընթացքին ունեացած ելոյթով՝ Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը շեշտը դրաւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վրայ։ Կիւրեղ պատրիարքի համար օրթոտոքս քոյր եկեղեցիներու հետ կապերը <<օրթոտոքս եկեղեցւոյ գործունէութեան առաջնահերթութիւնը>> պէտք է հանդիսանայ ։
Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հանդէպ վերաբերմունքը մրցակցութեան վերաբերմունք պետք չէ ըլլալ այլ կպը պէտք է հիմնուի համագործակցութեան վրայ։ Ինչ կը յայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ` պատրիարքը հաստատեց Աստուածաբանական երկխօսութեան կարեւորութիւնը որ -ըսաւ ան - պէտք է շարունակուի հետեւողականութեամբ։ Թէեւ Կիրեղ պատրիարքի գնահատանգով ճանապարհը <<երկար ու դժուար>> է սակայն շատ մը նիւթերու շուրջ միատեսութիւն կայ հաստատեց ան։ Իսկ բողոքականներու մասին խօսելով պատրիարքը դիտել տուաւ թէ ոմանց հետ Աստուածաբանական, եկեղեցական եւ բարոյական դաստիարակութեան ասպարեզներէն ներս կան մեծ տարբերութիւններ։ Իր միջոցամտութեան աւարտին Կիւրեղ պատրիարքը մաղթանք յայտնեց որ եկեղեցւոյ զանազան տարրերը կարենան միասնաբար աշխատիլ` ինչպէս նաեւ - նշեց ան - եպիսկոպոսին, կղերական դասին, եւ հաւատացեալներուն մէջ կապերը ամրապնդուին ու խորանան նաեւ կապերը ընդ մէջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան, օրթոտոքս մշակոյթը տարածելու դիտմամբ Ռուսիոյ դաշնակցութեան դպրոցներէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.