2011-02-14 14:34:56

Լիբանան - Սֆէյր Պատրիարքը կը նախագահէ Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ առաջնորդներու նիստին


Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը այսօր Պքերքէի մէջ պիտի սկսի նախագահել կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաջնորդներու տարեկան դռնփակ նիստին, որուն պատճառով Պքերքէի դռները փակ պիտի մնան բոլոր այցելուներուն դիմաց։
Նիստին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակը։
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթ օր հրապարակուի նիստին հաղորդագրութիւնը։
Միւս կողմէ, Սֆէյր պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Էլի Քէյրուզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները։
Հանդիպումէն ետք Քէյրուզ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել։
ՆՇԵՆՔ, որ Հռոմի մէջ տեղի կ՚ունենան Մար Մարոնի յուշարձանին բացման արարողութեան նախապատրաստական աշխատանքները։ Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 23 փետրուարին՝ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Սֆէյր պատրիարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.