2011-02-14 12:26:09

Եգիպտոսի Մէջ Սահմանադրութիւնը Առկախուեցաւ Եւ Խորհրդարանը Լուծարուեցաւ։


Եգիպտական զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ վեց ամսուան ժամկէտով կամ մինչեւ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններու կայացումը, ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ երկրին կառավարման աշխատանքը։
Խորհուրդը նաեւ որոշեց առկախել սահմանադրութիւնը եւ լուծարել խորհրդարանն ու շուրայի խորհուրդը։ Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի նախագահը՝ մարաջախտ Մոհամետ Հիւսէյն Թանթաուի ժամանակաւորապէս Եգիպտոսը պիտի ներկայացնէ երկրին մէջ թէ անկէ դուրս։ Բարձրագոյն Խորհուրդը նաեւ կը խոստանայ սահմանադրութիւնը բարեփոխելով զայն ժողովրդային հանրաքուէի ներկայացնել, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական ազատ ընտրութիւններ կազմակերպել, նշելով, որ ազատութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը ժողովրդավարական վարչակարգի հիմերն են։
Եգիպտոսի վարչապետ Ահմետ Շաֆիք իր կարգին յայտարարեց, որ զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը յառաջիկայ հանգրուանին պիտի ճշդէ դերը Օմար Սլէյմանի, որ հրաժարեալ նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի կողմէ փոխնախագահ նշանակուած էր։ Վարչապետը նաեւ խոստացաւ փտածութեան դէմ պայքարիլ եւ ժողովուրդին իրաւունքները վերականգնել։
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրները յայտարարեցին, որ իրենք իշխանութեան չեն ձգտիր, եւ գովաբանեցին իշխող զինուորական խորհուրդի դէպի քաղաքային ու ընտրեալ կառավարութեան մը փոխանցումի ջանքերը։ Իսլամ եղբայրները շաբաթ օր իրենց հրապարակած հաղորդակցութեան մէջ շեշտեցին, որ «մենք անձնական շահերու չենք ձգտիր, ուստի նախագահութեան կամ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան տիրանալու համար պիտի չմրցակցինք, այլ՝ հասարակութեան պիտի ծառայենք»։








All the contents on this site are copyrighted ©.