Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան աղջկանց Պասկետբոլի խումբը վերջին երկու յաղթանակներով
հինգերորդ անգամ ըլլալով գրաւեց Իրանի առաջնակարգ լիկայի ախոյեանի դիրքը: Չորեքշաբթի
եւ հինգշաբթի, փետրուար 9-ին եւ 10-ին Ղազւինում կայացած մրցոյթներու ընթացքին Հայ
մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան աղջկանց Պասկետբոլի խումբը «Շերքաթէ գազէ Թեհրան»
խումբը պարտութեան մատնեց 96-75 արդիւնքով, իսկ «Շերքաթէ քեշթ-օ-սանաթէ Ղազւին»-ին պարտութիւն
պարտադրեց՝ 75-46 արդիւնքով: