2011-02-13 13:55:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։

կիրակի 13 փետրուար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յիսուսի լերան քարոզին` երանութիւններու մասին, որ կը հանդիսանայ լրումը Յիսուսի օրէնքին որ կը հիմնուի սիրոյ եւ արդարութեան վրայ։ Յիսուս անձամբ կը կատարէ պատուիրանները Աստուծոյ սիրով ու Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ։ Այս պատճառաւ Յիսուսի ամէն մէկ օրէնքը կը դառնմայ սիրոյ ներգործութիւն մը եւ այդ բոլոր օրէնքները կը խտան մէկ օրէնքով` սիրոյ օրէնքով։ Պօղոս առաքեալը կ'ըսէ ''Սէրը` օրէնքին լիութիւնն է''։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կ'եզրափակէ մատնանշելով թէ Յիսուսի մեծ քարոզը կը կոչուի ''լերան քարոզը''։ Մենք կանչուած ենք Անոր ետեւէն քալելու ի գործ դնելու Աստուծոյ կամքը եւ մտնելու անոր Արքայութիւնը` յաւիտենական կեանքը։ Մէկ Արարծ մը արդէն հասաւ գագաթնակէտը լերան` Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը։ Շնորհիւ իր միութեան Յիսուսի հետ, անոր արդարութիւնը եղաւ կատարեալ եւ այդ պատճառաւ Ս. Կոյս Մարիամը կը կոչենք ''հայելի արդարութեան''։ Աստուածածնայ դիմենք որպէսզի առաջնորդէ մեր քայլերը հաւատարիմ ըլլալու Քրիստոսի Օրէնքին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները իրենց աղօթքը բարձրացնել Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի պահպանէ ու պաշտպանէ հիւանդները, անցեալ ուրբաթ օրը վերակոչեցինք հիւանդին համաշխարհային օրը, կը հրաւիրեմ ձեզ ըլլաու ռահիրանները կեանքը սիրոյ քաղաքացիութեան մը։ Աշխատեցէք պաշտպանել ոչ միային ձեր մարմնին առողջութիւնը այլ եւ ձեր հոգինը։ Ջերմօրէն հայցենք բարեխօսութիւնը Լուրտի Տիրամօր աշխարհի բոլոր հիւանդներուն ու առողջապահութեան սպասաւորներուն։ Բարի կիրակի եւ բարի ուխտագնացութիւնը բոլորիդ։

Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.