2011-02-12 11:57:35

Հիւսնի Միւպարէք Հրաժարեցաւ Զինեալ Ուժերուն Յանձնելով Երկրին Կառավարման Պարտականութիւնը ։


Եգիպտոսի մէջ 25 յունուարին ժողովրդային ցոյցերու սկիզբէն 18 օր ետք, Եգիպտոսի փոխնախագահ Օմար Սլէյման երէկ երեկոյեան հեռուստատսեիլէն յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարէք որոշած է իր պաշտօնէն հրաժարիլ եւ զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին վստահած՝ երկրի կառավարման պարտականութիւնը։
Անոր յայտարարութիւնը ողջունուեցաւ Եգիպտոսի տարբեր քաղաքներուն, մասնաւորաբար մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ հաւաքուած միլիոնաւոր ցուցարարներուն կողմէ, եւ երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ, որ տարածուելով ներառեց Ատլանտեան ովկիանոսէն մինչեւ Արաբական Ծոց երկարող ամբողջ արաբական աշխարհը։
Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը աւելի ուշ հրապարակեց հակիրճ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ զինեալ ուժերը կուսումնասիրեն ժողովուրդին փափաքները իրականացնելու միջոցները եւ հետագային պիտի հրապարակեն իրականացուելիք միջոցները ներկայացնող հաղորդակցութիւններ։ Եգիպտական բանակը իր հաղորդագրութեան մէջ ընդգծեց, որ իրենք ժողովուրդին փափաքած օրինականութեան այլընտրանք մը չեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.