2011-02-12 12:00:19

Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Միջեւ Նոր Հանդիպումի Մը Նախապատրաստական Աշխատանք։


Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Անվար Ազիմով յայտնած է, որ ներկայ պահուն Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու աշխուժ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին։ «Նման հանդիպումներու յաճախականութիւնը կը վկայէ տարուող աշխատանքի լրջութեան եւ յստակ գործնական արդիւնքներու հասնելու կողմերու դիտաւորութեան մասին, ինչ որ կը վկայէ մեր երկիրներու նախագահներու նոր վեհաժողովի կայացման համար պատշաճ հիմքի նախապատրաստուելուն մասին», նշած է Անվար Ազիմով։








All the contents on this site are copyrighted ©.