2011-02-12 12:02:54

Եւրոպական Խորհրդարանի Կոչը՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի։


Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի 10 փետրուարի նիստին ընթացքին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկուցումի ուղղութիւններու եւ փոփոխութիւններու քուէարկութիւնը։
Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին։ Զեկուցումի 32-րդ յօդուածը կոչ կ՚ուղղէ «երկու կողմերուն՝ Հայաստանին եւ Թուրքիոյ առանց նախապայմաններու վաւերացնելու երկկողմ յարաբերութիւններու հաստատման արձանագրութիւնները եւ բանալու սահմանը, նաեւ Թուրքիոյ կոչ կ՚ուղղէ՝ օգտագործելու իր շրջանային կշիռը վստահութեան միջոցներու ընդլայնման ուղղութեամբ»։ Զեկուցումի 32-րդ յօդուածի փոխ-զիջումային տարբերակին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է չորեքշաբթի երեկոյեան, հիմնական եւ ստուերային զեկուցողներու հերթական հանդիպումին ընթացքին։ Զեկուցումի 12-րդ յօդուածը կը վերաբերի Էրկենեքոն կոչուած դատավարութեան գործին, եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան, նաեւ զեկուցումի յօդուածներէն մէկը կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերող հարցերուն։
Զեկուցումին վրայ հիմնուած բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի Եւրոպական Խորհրդարանի 7-10 մարտին նախատեսուած նստաշրջանին ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.