2011-02-11 12:32:36

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Տաթեւիկ Արթինեան։
Խանամիրեան Վարժարանի շրջանաւարտներէն Տաթեւիկ Արթինեան, երկուշաբթի 7 փետրուարին, այցելեց վարժարանը ուր եւ մեծ գոհունակութեամբ շրջեցաւ իր տան մէջ, երախտագիտութեան զգացումներով լեցուն՝ ան բարեւեց իր հին ուսուցիչներուն եւ երջանկութեամբ տոգորուած՝ հանդիպեցաւ նոր խանամիրեանականներուն հետ, անոնց մէջ տեսնելով իր մանկութիւնը այս ջերմ ու խանդաղատանքով լի հաստատութեան երդիքին տակ։
Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի տնօրէնը՝ Նելլի Վեքիլեան աշակերտներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ իր երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակող ու տաղանդաւոր դաշնակահարուհին, որ նաեւ բեմերէն հանդէս կու գայ տարբեր առիթներով՝ մաղթելով, որ Խանամիրեան քոլեճի գրասեղաններուն վրայ իր կրթութիւնը ստացած նախկին աշակերտուհին եւ ներկայի շրջանաւարտը աւելի բարձր դիրքերու հասնի իր երաժշտական ասպարէզին մէջ։
Ապա Տաթեւիկը նուագեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն Գարուն ան եւ Շուշիկի Պարը։ Այս առթիւ վարժարանի տնօրէնը անոր նուիրեց Շրջանաւարտից միութեան կողմէ պատրաստուած քանի մը յիշատակի նուէրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.