2011-02-11 12:35:44

Գերապայծառ Բիթըր Ուելս ՜՜Ռատիովատիկանը Պէտք Է Ներդրում Կատարէ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Նոր Միջոցներու Հետ Եւ Հետամուտ Ըլլայ Նոր Խօսակիցներ Ունենալու Եւ Ոչ Թէ Մրցակիցներ՝՝


՜՜Ռատիովատիկանը Պէտք Է Ներդրում Կատարէ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Նոր Միջոցներու Հետ Եւ Հետամուտ Ըլլայ Նոր Խօսակիցներ Ունենալու Եւ Ոչ Թէ Մրցակիցներ՝՝ Այսպէս յատարարած է գերապայծառ Բիթըր Ուելս Վատիկանի ներքին գործոց նախարարը, խօսք առնելով Ռատիովատիկանի հիմնարկութեան 80-րդ տարեդարձի հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ 10 փետրուարին, Վատիկանի մատենադարանին մէջ, եւ որ ունեցաւ որպէս բնաբան. ''80 տարի աշխարհի շուրջ'' նիւթը։ Ան ընդգծեց թէ դասական հաղորդակցութեանց միջոցները կարող չեն անտեսել ներկայ հաղորդակցութեանց հզօր ու ազդեցիկ նոր միջոցները։ Ամերիկացի առաջնորդը մաղթանք յայտնեց որ Քահանայապետին ձայնասփիւռը փարոս մը հանդիսանայ կաթողիկէ բոլոր ռատիոներուն։
80 տարի առաջ, 12 փետրուար 1931-ին, ծնունդ կ'առնէր ՜՜Ռատիովատիկանը՝՝ կոչուած ''Քահանայապետի Ձայնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.