2011-02-11 12:32:41

՜՜ Հիւանդներու Համաշխարհային Օր՝՝ Ընկերութիւն Մը Որ Կը Մերժէ Իր Հիւանդները Անողոք Է Եւ Տմարդի` Հարկաւոր Է Ստեղծել Կամուրջներ Սիրոյ Եւ Զօրակցութեան։


2011 տարւոյն ՜՜ Հիւանդներու Համաշխարհային Օրուան՝՝ պատգամին բնաբանը առնուած է Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթէն, գլուխ Բ. 24-րդ համարը. ''Դուք բուժուեցաք անոր վէրքերով''։ Պատգամը հրապարակուեցաւ ՜՜Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի՝՝ տօնին օրը (անցեալ 21 նոյեմբերին)։
Յայտնենք թէ Փետրուար 11-ը հիւանդներու համաշխարային օր յայտարարելու նախաձեռնութիւնը հասարակութեան ուղղուած հրաւէր մըն է աջակցութիւն ցուցաբերելու հիւանդներուն։
Պատմագրութեան համաձայն, Հիւանդներու Համաշխարհային Օրը սահմանուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Հռոմի Պապի կողմէն 1992 ին։ Ան՝ այս առիթով գրուած իր յատուկ ուղերձին մէջ, ընդգծած է, որ Հիւանդներու համաշխարհային օրուայ նշումն ունի ,առանձնայատուկ նպատակ մը, որը Հռոմի Քահանայապետը ձեւակերպած էր այսպէս ՜՜ Հիւանդներուն եւ տկարներուն ցուցաբերուող լաւագոյն խնամքին ու անոնց տանջանքներու թեթեւացման անհրաժեշտութեան մասին հասկանալու հնարաւորութիւն տալ, բազմաթիւ կաթողիկէ բժշկական կազմակերպութիւններու աշխատակիցներուն եւ ողջ քաղաքացիական հասարակութեան՝՝։
Փետրուար 11-ին ՜՜Հիւանդներու օր՝՝նշելու ընտրութիւնը եւս ՜՜ պատահական չէ՝՝ կաթողիկէները շատոնց փետրուար 11-ը կը նշեն՝` հիւանդներու օր՝՝։
Աւանդոյթի համաձայն, այս օրը՝ 11 Փետրուարը, շատ տարիներ առաջ, ֆրանսական Լուրտ կոչուող տեղամասին մէջ Տիրամօր յայտնութիւնը եղած է։ Սուրբ Աստուածածինը առողջացուցած է տանջուողները` այդպէսով է որ ՜՜Լուրտի Տիրամօր Սրբավայրը դարձաւ հիւանդներուն համար փրկութեան խորհրդանիշ՝՝։
Գալով Հայաստանի մէջ, թէ ինչպէ՞ս կը տօնուի եւ ի՞նչ միջոցառումներ կ'առնուին հիւանդին օրուան առիթով, ՀՀ Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակը ըսաւ, որ ՜՜տեղեակ չենք այդ օրուայ խորհրդի մասին, հետեւաբար ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կայ։ կը մնայ յուսալ, որ Հայաստանի մէջ հիւանդներուն մշտապէս լաւագոյն խնամք եւ օժանդակութիւն յատկացուի՝՝։
Հիւանդին համաշխարհային օրուան առթիւ, որ ամէն տարի կը զուգադիպի 11 փետրուարին, Լուրտի Տիրամօր երեւումներուն տօնին օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց ընդգծելով որ ՜՜ ընկերութիւն մը որ կը մերժէ իր հիւանդները անողոք է եւ տմարդի` հարկաւոր է ստեղծել կամուրջներ սիրոյ եւ զօրակցութեան։ ընկերութիւնը կը չափանշուի տառապողներու հանդէպ իր ցուցաբերած կեցուածքով՝՝։
Հիւանդին 19-րդ օրուան առթիւ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիական իշխանութիւններուն որ աւելի ոյժ տան առողջապահական կառոյցներուն օգնութեան հասնելու համար հիւանդներուն։ Հիւանդին, տառապողին եւ ընչազուրկին օգնութեան հասնողը (կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը 2011-ի պատգամին մէջ) Յիսուսին ծառայած կ'ըլլայ։ Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով երիտասարդները կանչուած են սիրոյ եւ զօրակցութեան կամուրջներ հաստատելու այն անհատներուն որոնք իրենք զիրենք առանձին կը զգան։



Հռոմի մէջ Սուրբ Պատարագ Հիւանդի ԺԹ Համաշխարհային օրուան առթիւ
Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ, 11 փետրուար 2011ի յետ միջօրէին՝ ժամը 16-ին, Հռոմի Թեմի տեղապահը՝ Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինի, Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն սուրբ հաղորդութեան մատակարարներ, բժիշկներ, բուժարաններու պատասխանատուներ, կրօնաւորներ եւ հիւանդանոցներու մէջ գործող մատրանապետեր։ ՜՜Ունիդալսի՝՝ կոչուած կազմակերպութիւնը յանձն առած է հիւանդներու տեղափոխութիւնը, ապահովելու՝ անոնց մասնկացութիւնը Սուրբ Զոհին ։
Հիւանդապահներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Զիկմունթ Զիմովսքի Լեհաստանի Մէջ։
Հիւանդապահներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Զիկմունթ Արքեպիսկոպոս Զիմովսքի, այս օրերուն, Լեհաստան կը գտնուի մասնակցելու` իր բուն թեմի Թարուու Եկեղեցւոյ` Հիւանդի Համաշխարհային օրուան առթիւ ձեռնարկուած արարողութիւններուն։
Իր կեցութեան ընթացքին Զիմովսքի Արքեպիսկոպոսը այցելութիւն կը կատարէ Քահանաներու Հանգստեան Տան ու Սուրբ Ղուկասի անուան հիւանդանոցը ուր պիտի մատուցէ նաեւ սուրբ պատարագ։
Նոյն խորհուրդի քարտուղարը՝ Գերապայծառ Խօսէ Լուիս Րէտրատոն, 11 փետրուարին կը գտնուի սպանիա Մատրիտի Աւագ Թեմի հիւանդներու հետ անցնելու ՜՜ Հիւանդի նուիրուած Համաշխարհային այս օրը՝՝։ Իր Մատրիտ կեցութեան ընթացքին Գերապայծառ Խօսէ Լուիս Րէտրատոն առիթ պիտի ունենայ այցելելու ՜՜Պէլէն Հաստատութիւնը՝՝ որ կը գործէ զօրավիգ կանգնելով չքաւոր ընտանիքներուն եւ անկարող մանուկներուն։ Շաբաթ 12 փետրուարին ՜՜Հիւանդի Համաշխարհային օրուան՝՝ առթիւ տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւն մը <<Ցաւ եւ տառապանք։ Կարե՞լի է յուսալ. Վկայութիւններ. Եկեղեցւոյ Պատասխանը>> նիւթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.