2011-02-10 13:20:21

Սրբազան Քահանայապետի 2011-ի Առաջին Առաքելական Այցելութեան Յայտագիրի Ներկայացումը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 7 - 9 մայիս 2011-ին, կը կատարէ 2011 տարւոյն հովուական առաջին այցելութիւնը Իտալիոյ Հիւիս-Արեւեան թեմերուն՝ Վենետիկ եւ Ագուիլա։ Այս այցելութեան յայտագրին ներկայացումը տեղի կ՛ուենայ հինգշաբթի 10 փետրուարի յետ միջօրէին ժամը 14.30-ին, Վենետիկի մարզի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի կեդրոնին մէջ։
Այս առթիւ ելոյթ կ՛ունենան Վենետիկի մարզի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահը՝ Կարտինալ Անճէլօ Սգոլա, Կորիցիայի եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Տինօ Տէ Անթոնի, Ատրիա - Ռովիկոյի եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Լուչօ Սորավիթօ եւ գերապայծառ Պենիամինօ Բիցիոլ՝ անդամ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի Սրբազան Քահանայապետի այցի կազմակերպչական մարմնի։
Հանդիպումին եպոսկոպոսները պիտի ներկայացնեն քահանայապետին այցելութեան օրակարգի կարեւոր կէտերը եւ հովուական իմաստը, ինչպէս նաեւ՝ ներկայացումը կը կատարեն այս առթիւ ստեղծուած՝ յատուկ համացանցային կայքէջին։ Նշենք թէ այս ճամբորդութեամբ Նորին Սրբութիւնը պաշտօնապէս բացումը կը կատարէ Իտալիոյ Հիւիս-Արեւելքի թեմերու եկեղեցական պատրաստական երկրորդ գիտաժողովին, որուն աշխատանքները պիտի սկսին 2012ին Աքուիլայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.