2011-02-10 13:26:38

Ս. Աթոռը Դրականօրէն Ընդունած Է Հարաւային Սուտանի Հանրապետութեան Ծնունդը, Որուն Անկախութիւնը Պաշտօնապէս Պիտի Հռչակուի Յառաջիկայ 9 Յուլիսին։


Այդ ուղղութեամբ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը Օսսէրվաթորէ Ռոմանօ
, Հարաւային Սուտանի անկախութեան լուրը հաղորդելով կը մատնանշէ թէ Հիւսիսային եւ Հարաւային Սուտանները վեց ամիս ժամանակամիջոց մը ունին, գծելու՝ իրենց սահմանները ու բաժնելու իրենց հում նիւթերու հարստութիւնը եւ մասնաւորապէս քարիւղը որուն 80 տոկոսը կը գտնուի Հարաւային Սուտանի մէջ։ Ափրիկեան այս 54-րդ պետութիւնը թէեւ դիւանագիտականօրէն պաշտպանուած է, սակայն անոր իրավիճակը կը մնայ պայթեցուցիչ։ Նշենք թէ Հարաւային Սուտանի բնակչութեան աւելի քան 90 տոկոսը անցեալ 9-15 յունուարին քուէարկած է անկախութեան ի նպաստ։







All the contents on this site are copyrighted ©.