2011-02-10 13:20:10

Ռատիովատիկանի 80-ամեակը ՝ ՜՜ Աշխարհի Շրջագայութիւնը 80 Տարուայ Ընթացքին, Ռատիօ Վատիկան 1931 - 2011՝՝


՝՝ Աշխարհի շրջագայութիւնը 80 տարուայ ընթացքին, Ռատիօ Վատիկան 1931 - 2011՝՝բնաբանով, հինգշաբթի 10 փետրուարի՝ յետ միջօրէի ժամը 5ին, Վատիկանեան Թանգարաններու ՜՜բանախօսութիւններու՝՝ սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ ներկայացումը, Ռատիովատիկանի 80 ամեակին առիթով կամակերպուած, Յոբելենական նախաձեռնութիւններուն եւ հանդիսութիւններուն։
Նշենք թէ ՝՝ Վատիկանի Ձայնասփիւռը հիմնուած է՝ Ձայնասփիւռի գիւտարար Գուլիէլմոս Մարքոնիի կողմէ 12 Փետրուար 1931ին։ Կայանին բացումը կատարուած է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Հռոմի պապի կողմէ, իսկ անոր տնօրէնութիւնը յանձնուած է Յիսուսեան Միաբանութեան։
Իսկ Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն ձայնասփռումները սկիզբ առած են 1966ի՝ Մայիս 29ին, քառորդ ժամուայ շաբաթական երկու հաղորդումներով։ 1975ին է որ հայկական հաղորդումները դարձան ամենօրեայ եւ երկար տարիներէ ի վեր 20 վայրկեան տեւողութեամբ առօրեայ հաղորդումները կը սփռուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.