2011-02-10 12:56:08

Հայ -Թրքական Բարեկամութեան Յուշարձանի Հարցը Դատարան Կը Փոխադրուի։


Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը խորհրդանշող Խաղաղութեան եւ բարեկամութեան յուշարձանի հեղինակ, թուրք քանդակագործ Մեհմեթ Աքսոյ իր ստեղծագործութիւնը քանդելու որոշումին հարցով դիմած է դատարան։ Էրզրումի դատարանին ներկայացուած հարցով թուրք քանդակագործը կը պահանջէ չեղեալ յայտարարել Կարսի քաղաքապետարանի՝ արձանը քանդելու որոշումը։
«Զաման» թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Կարսի քաղաքապետարանի որոշումը արդէն ուղարկուած է Կարսի նահանգապետարան եւ վերջինիս կողմէ վաւերացուելէ ետք պիտի գործադրուի։ Օրեր առաջ Կարսի քաղաքապետարանի խորհուրդի նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուած էր արձանը քանդելու հարցը, որուն դէմ քուէարկած էր խորհուրդի նիստին մասնակցող 23 անդամներէն միայն 4-ը, կողմ՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 11 անդամներ եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան 8 անդամներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.