2011-02-10 12:50:06

՝՝ԼԻՆՍԻ՝՝ Հիմնարկը 10.5 Միլիոն Տոլար Կը Նուիրէ Միացեալ Հայկական Ֆոնտին (հաղորդագրութիւն ).


Միացեալ հայկական ֆոնտը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ «Լինսի» հիմնարկէն ստացած է 10.5 միլիոն տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը:
Միացեալ հայկական ֆոնտը այս գումարին մեծամասնութիւնը պիտի գործածէ նորոգելու եւ վերակառուցելու վեց դպրոցներ հիւսիսային Հայաստանի տարածքին, որ աւերուած էր դեկտեմբեր 1988-ի աղէտալի երկրաշարժին պատճառով: «Լինսի» հիմնարկը, որ սոյն դպրոցներու վերականգնման ծրագիրին ձեռնարկած էր յունիս 2010-ին, այժմ Միացեալ հայկական ֆոնտին փոխանցած է անոր ամբողջացումը, որ պիտի կատարուի շինարարական որակի, ապահովութեան եւ ֆինանսական պատասխանատուութեան բարձրագոյն չափանիշներով:
«Լինսի» հիմնարկի նուիրած գումարին մնացեալը Միացեալ հայկական ֆոնտին կողմէ պիտի գործածուի շարունակելու իր երկարամեայ մարդասիրական առաքելութիւնը, այսինքն՝ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի չքաւոր հատուածներուն համար մեծապէս անհրաժեշտ բարեսիրական ապրանքներու գոյացումը, փոխադրութիւնը եւ ցրուումը: 1989-ին Միացեալ հայկական ֆոնտի ստեղծման առաջին իսկ օրէն, «Լինսի» հիմնարկը հսկայական աջակցութիւն բերած է այս օգտաշատ աշխատանքներուն: Յիշեալ թուականէն ի վեր, Միացեալ հայկական ֆոնտը 158 թռիչքներով եւ 1852 ծովային արկղներով 612 միլիոն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւն հասցուցած է Հայաստան եւ Արցախ:
Միացեալ հայկական ֆոնտը միացեալ աշխատանքն է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, «Լինսի» հիմնարկին, Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին (Հիւսիսային Ամերիկա եւ Քանատա), Հայ օգնութեան միութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդարանին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդարանին եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար կը խնդրուի դիմել Միացեալ հայկական ֆոնտի գրասենեակին` 1101 North Pacific Avenue, Suite 204, Glendale, CA 91202 կամ հեռաձայնել (818) 241-8900 թիւին:







All the contents on this site are copyrighted ©.