2011-02-09 12:46:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Կոչը Վերաւետարանելու Մտաւորականներն Ու Բաժնուած Ընտանիքները։


Նորին Սրբութիւնը ընդունելով ՜՜Էմմանուէլ՝՝ կոչուած եղբայրակցութեան շուրջ 60 անդամները, հրաւիրեց զանոնք կեդրոնացնելու՝ իրենց առաքելութիւնը, աւետարանելով՝ մտաւորականները եւ բաժնուած ընտանիքները։
Նշեալ եղբայրակացութիւնը, ծնունդ առած է 1970-ական տարիներուն, ֆրանսայի մէջ։ Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր յաճախ մարդիկ ուղեկորոյս եղած են, եւ հետամուտ նոր իմաստ գտնելու իրենց կեանքին։ Քրիստոսի լոյսը պէտք է բոլորին մատչելի դառնայ եւ ՜՜Էմմանուէլ՝՝ եղբայրակցութեան անդամները իրենց աւետարանական առաքելութեամբ տեսանելի պէտք է ըլլան այսօրուայ մարդոց, միշտ օրինակ առնելով իրենց հիմնադիրը` Աստուծոյ ծառայ Բիեռ Գուրսադէն (1914-1991) որուն երանացման դատը արդէն իսկ սկսած է Փարիզի թեմէն ներս։ ՜՜Էմմանուէլ ՝՝ եղբայրակացութիւնը հաւատացեալներու ընկերակցութիւն մըն է, ճանչցուած՝ Եկեղեցիէն, եւ կը հաշուէ աւելի քան 7200 անդամներ աշխարհի մէջ։ Անոր հոգեւորութիւնը կը կայանայ ՜՜Ամենասուրբ Հաղորդութեան Երկիրպագութեան մէջ, նաեւ՝ կարօտեալներու հոգատարութեան ու Աստուծոյ խօսքին տարածութեան մէջ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.