2011-02-08 15:08:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի Ընդհանուր Նիստի Մասնակցողներուն։


Երկուշաբթի 7 փետրուար 2011, ժամը 12ին, Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետը ընդունելով Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի Ընդհանուր Նիստի մասնակցողները, Վատիկանի Գոնչիսդորօ սրահին մէջ, ճառ մը արտասանեց որուն մէջ ողջունելով ներկաները մատնանշեց ժողովի ընթացքին շօշափուելիք նիւթերու մասին ինչպէս ՜՜դաստիարակութիւն եւ կազմաւորում՝՝ որոնք - ըսաւ նորին սրբութիւնը - կը ներկայացնեն եկեղեցւոյ անմիջական մարտահրաւէրներէն մին եւ պէտք է դիմագրաւենք զանոնք։ Դաստիրակութեան գործը աւելի դժուարացած է - ըսաւ ան - որովհետեւ ճշմարտութեան լոյսը կը պակսի իսկ շատ անգամ ալ ճշմարտութիւնը ըսելը վտանգաւոր կը նկատուի։ Ասոր համար դաստիարակչական կազմակերպութիւններու ծառայութիւնը որ կը ներշնչուին մարդու քրիստոնէական տեսութեան եւ իրականութեան գաղափարականին խիստ կարեւոր է։ Այս առընչութեամբ ձեր Ժողովի գործունէութիւնը եւ որոշումները որ պիտի առնէք այս ուսումնասիրական նիստի ընթացքին պիտի սատարեն այս ուղղութեամբ։
Ապա նորին սրբութիւնը մատնանշեց Ժողովի ծննդեան թուականը որ է 1915-ը եւ անոր հիմնադիրը Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետը ու խօսեցաւ անոր առաքելութեան մասին Կաթողիկէ հաստատութիւններու դաստիարակութեան ասպարէզէն ներս շեշտը դնելով Նորնծայարաններու վրայ ինչպէս նաեւ Համացանցի կարեւորութեան եւ անոր օգտակարութեան առաքելական վայրերէն ներս, զգուշացնելով նաեւ անոր վտանգներէն։

Այսօր կը խօսուի միջ - մշակութային դաստիարակութեան մասին այս մարզէն ներս կը խնդրուի քաջ եւ յարատեւողական հաւատարմութիւն որ կարենայ միացնել իւրայատուկ ինքնութիւնը եւ տրամադրելիութիւն մը ընդունելու ուրիշը՝ օտարը, համակեցութեան դիտաւորութեամբ։
Այս ուղղութեամբ հարկ է պատրաստել բարձրորակ ղեկավարներ եւ դաստիարակներ ըլլայ հոգեւոր եւ ըլլայ կրօնական գետնի վրայ, որպէսզի իրենց ներկայութիւնը հանդիսանայ սիրոյ եւ ճշմարտութեան վկայութիւն մը։
Եզրափակելով իր խօսքը, նորին սրբութիւնը յորդորեց ներկաները իրենց աչքերը սեւերելու Քրիստոսին՝ միակ վարդապետը, որպէսզի իր հոգիով - յարեց ան - ձեր գործը դառնայ ազդու եւ զօրեղ։ Ու յանձնելով Տիրամօր բարեխոսութեան ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.