2011-02-08 11:58:19

Ներկայացում Ռատիովատիկանի 80 ամեակի առիթով տեղի ունենալիք յոբելենական միջոցառումներուն։


Յառաջիկայ 10 փետրուար 2011-ի յետ միջօրէի ժամը 5ին, Վատիկանի Թանգարանի <<բանախօսութիւններու>> սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ ներկայացումը Ռատիովատիկանի 80 ամեակի առիթով տեղի ունենալիք յոբելենական միջոցառումներուն եւ նորութիւններուն << Աշխարհի շրջագայութիւնը 80 տարուայ ընթացքին - Րատիօ Վատիկան 1931 - 2011>> բնաբանով։
Ներկայացումը կը կատարեն Վատիկանի պետութեան կառավարիչը Կարտինալ Ճովաննի Լայոլոն, Սուրբ Աթոռի Ընդհանուր Քարտուղարութեան անդամ Գերապայծառ Բիթէր Պրայան Վէլս, Ռատիովատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնը Հայր ֆետլերիքօ Լոմպարտի եւ Վատիկանի Թանգարանի Տնօրէնը Տիար Անթոնիօ Բաօլուչչի։ Այս առթիւ բացումը պիտի կատարուի նաեւ Ռատիովատիկանին նուիրուած ցուցահանդէսի մը հոգաբարձութեամբ Պարպարա Եաթթայի եւ Ռօպէրթօ Բուլիթանիի։








All the contents on this site are copyrighted ©.