2011-02-08 12:44:11

Հայերու Նկատմամբ Ազրպէյճանի Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մասին Նախագիծ Ազգային Ժողովի Մէջ։


Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «1988-1994 թուականներուն ընթացքին հայերուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ոճրագործութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու մասին» յայտարարութեան նախագիծը, որուն հեղինակն է Ժառանգութիւն Կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Լարիսա Ալաւերտեան։
Ժառանգութիւն Կուսակցութեան խմբակցութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նախագիծին լրամշակուած տարբերակը քննարկուած է արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի հերթական նիստին։Հեղինակին համաձայնութեամբ եւ յանձնախումբին որոշումով, նախագիծին քննարկումը յետաձգուած է 30 օրով, որպէսզի պատգամաւորներուն կարելիութիւն տրուի լիարժէք ձեւով ծանօթանալու յայտարարութեան բնագիրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.