2011-02-08 12:04:14

Լիբանան։ Սուրբ Վլասի տօնը Աշրաֆիէյի մէջ, Եւ Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի քահանայական Ա. տարեդարձը


Սուրբ Վլասի տօնը Աշրաֆիէյի մէջ, Լիբանան
Կիրակի, 6 փետրուար 2011, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Սեբաստիոյ հայազգի սուրբ Վլաս հայրապետին տօնին առթիւ, Աշրաֆիէյի սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի հանդիսապետութեամբ։
Այս առթիւ, Զմմառու վանքին դիւանապետ եւ թանգարանապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան փոխադրած էր սուրբ Վլասի մասունքը, Զմմառու հնադարեան մայրավանքի թանգարանէն Աշրաֆիէ. ուր զետեղուած էր սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նուիրուած աջ խորանին վրայ։
Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան ‏ «‏սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի» սկաուտախումբը, ծնողներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նշխարահամբոյր, իսկ աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր հաւատացեալի օրհնեալ ձէթով կոկորդի օրհնութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի։



Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի քահանայական Ա. տարեդարձը
Շաբաթ, 5 փետրուար 2011, կէսօրուան ժամը 1-ին, տեղի ունեցաւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի քահանայական Ա. տարեդարձը, ներկայութեամբ՝ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ հոգեւորականներու։
Ճաշկերոյթին աւարտին, Հոգեւոր տէրը տէր Աւետիքին մաղթեց քահանայական երկար եւ երջանիկ տարիներ, բեղուն առաքելութեամբ։ Տէր Աւետիքը իր կարգին երախտագիտութեամբ խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց հայրապետին, իր հայրական սիրոյն եւ համբերութեան համար, որ յաճախ ցուցաբերած է իր հանդէպ. ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հոգեւորականներուն, որոնք յաճախ զինք քաջալերած են եւ թիկունք կը կանգնին իր քահանայական կեանքին ընթացքին։
Յիշենք, որ տէր Աւետիքը ստանցնած է գաւազանակիրի ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ առաքելութիւններ կը կատարէ ինչպէս՝ ամէն չորեքշաբթի բանտարկեալներու այցելութիւնը, հոգեւոր զանազան ծառայութիւններ կատարելով, անոնց քարոզելով ու քաջալերելով, անոնց ընտանիքներուն տուները այցելելով։ Տէր Աւետիք նաեւ քրիստոնէական կը դասաւանդէ Զալքայի հայ կաթողիկէ Գէւորգ Հարպոյեան վարժարանին մէջ։ Նոյն ժամանակ, ան իր համալսարանական բարձրագոյն ուսումները կը կատարէ, մասնագիտանալով եկեղեցագիտական կանոնագիտութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.