2011-02-08 12:13:37

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ծիսագէտներու Միջազգային Կազմակերպութեան Դիւանը


Շաբաթ առաւօտ իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ծիսագէտներու միջազգային կազմակերպութեան Ատենապետ Դոկտ. Պասիլիոս Կրին՝ Աւստրիոյ Կրատ համալսարանէն եւ Դոկտ. Ստեֆանոս Ալեքսոփուլոս (ատենադպիր)՝ Աթէնքի համալսարանէն: Անոնք այցելած էին Վեհափառ Հայրապետին զինք հրաւիրելու իր խօսքը արտասանելու 2012-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք յիշեալ կազմակերպութեան միջազգային համագումարին:
Շուրջ տասը տարիներ առաջ կեանքի կոչուած այս կազմակերպութեան մաս կը կազմեն աւելի քան 100 կաթողիկէ, ուղղափառ թէ բողոքական ծիսագէտներ եւ համալսարանի դասախօսներ: Կազմակերպութիւնը կը գումարէ իր տարեկան համագումարը եւ կը հովանաւորէ ընդհանրապէս աստուածաբանութեան եւ յատկապէս ծիսագիտութեան առնչուած ուսումնասիրութիւններ: Առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպութիւնը իր համագումարը կը կազմակերպէ Միջին Արեւելքէն ներս:








All the contents on this site are copyrighted ©.