2011-02-07 13:09:58

Ռուսաստանի Նախագահ Մէտվետեւ Կը հանդիպի Մոսկուայի Պատրիարքութեան Եպսկոպոսական դասին։


Մոսկուաի Օրթոտոքս Պատրիարքութեան եպիսկոպոսական համահաւաք Դասի խորհուրդը որուն նիստը գումարուած էր 2էն -4 փետրուար, հանդիպում ունեցաւ Ռուս Դաշնակցութեան Նախագահ Տիմիդրի Մէտվետեւի հետ։ Նոյն առիթով Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքը որ փետրուար մէկին ամբողջացուց իր գահակալութեան երկրորդ տարեդարցը արժանացաւ Ալեքսանտր Նէվսքիի Պետական Շքանշանին որ ընդհանրապէս կը շնորհուի հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու որ նպաստած են երկրին բարգաւաճումին ու անոր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներու պահպանումին։ Օրթոտոքս Պատրիարքութեան եպիսկոպոսական համահաւաք խորհուրդի նիստը առաջինն է որ տեղի կ՛ունենայ Կիւրեղ Պատրիարքի օրով։ Նիստին մասնակցեցան 217 եպիկոպոսներ ուսումնասիրելու համար զանազան նիւթեր որոնք կը հային եկեղեցական կազմակերպութեան, անոր առաքելութեան եւ եկեղեցւոյ կապին ու դերին՝ քաղաքական ընկերութենէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.