2011-02-07 13:07:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 7 Փետրուարի Գործունէութիւնը։


Այս առաւօտ Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փիլիպեան Կղզեախումբի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի չորս եպիսկոպոսները, եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12ին <<Գոնչիսդորօ>> սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց 60 հոգիէ բաղկացած Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի ընդհանուր Նիստի Մասնակցողներուն։ Նշենք թէ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի ընդհանուր նիստը տեղի կ՛ունենայ Հռոմի մէջ 7 - 9 փետրուար։








All the contents on this site are copyrighted ©.