2011-02-06 09:46:40

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ
Յակոբ Մանանդեան (1873-1952).


4 Փետրուար 1952ին, կը վախճանէր հայ ժողովուրդի մեծ պատմաբան, բանասէր եւ աղբիւրագէտ զաւակը՝ ակադեմիկոս փրոֆ. Յակոբ Համազասպի Մանանդեան ։

Քսաներորդ դարու սկզբնաւորման առաջին իսկ տարիներէն, Հայ Մտքի անզուական հսկաներէն Հրաչեայ Աճառեանի հետ գործակցաբար, Յակոբ Մանանդեան իր ամբողջ կեանքն ու գիտական ընդունակութիւնները նուիրեց հայոց քննական պատմութեան եւ Հայաստանի քաղաքական բազմադարեան հոլովոյթին ուսումնասիրման, արժեւորման եւ պատմափիլիսոփայական իմաստաւորման։

Նոյնիսկ Խորհրդային ամբողջատիրութեան դաժան դարաշրջանը, ապազգային ու հակազգային իր մոլեգին ճնշումներով հանդերձ, չկրցաւ իր մայր հունէն շեղել ինքնահաւատարմութիւնն ու նուիրաբերումը Յ. Մանանդեանի։ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մէջ ուսուցչական իրենց պաշտօնավարութեան օրերէն սկսեալ, Յ. Մանանդեան եւ Հ. Աճառեան մտաւորական ՝՝չխոնարհող եղէգներ՝՝ ու վաւերական կերպարներ դարձան՝ Հայ Մտքի անձանակը հարստացնելով իրենց պատմաբանասիրական եւ լեզուագիտական անկրկնելի նուաճումներով։

Յ. Մանանդեան ծնած էր Ախալցխա, 10 Նոյեմբեր 1873ին։ Ուսման ծարաւը եւ պատմաբանասիրական գիտութիւններու բնատուր ընդունակութիւնը մղեցին Թիֆլիսի Գիմնազիոն աւարտած հայ պատանիին, որ բարձրագոյն ուսման հետեւի Ենայի, Լայփցիկի, Սթրազպուրկի եւ Փեթերսպուրկի համալսարաններուն մէջ։ Մասնագիտացաւ պատմագիտութեան, փիլիսոփայութեան եւ իրաւագիտութեան, ինչպէս նաեւ յունարէնի մէջ՝ արժանանալով պատուոյ գնահատականներու եւ յատուկ յիշատակութեամբ վկայականներու։

Մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումն ու ատենի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրութիւնը, Յակոբ Մանանդեան արդէն ճանաչում գտած պատմաբան ու սերունդ հասցուցած դասախօս էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։ Առ այդ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի կազմաւորման մեծ գործին առաջին ընդառաջողներէն ու մասնակիցներէն եղաւ եւ իր մեծ ներդրումը ունեցաւ նորաստեղծ համալսարանի ակադեմական հիմերու հաստատման ու գիտական աւանդներու ծլարձակման մէջ։

Յակոբ Մանանդեան աւելի քան հարիւր հատոր կազմող գիտական հարստութիւն մը ժառանգ ձգեց մեր ժողովուրդին։ Մեծանուն ակադեմիկոսին պատմագիտական, բանասիրական եւ աղբիւրագիտական հարուստ ժառանգութեան կոթողական գործերը կը հանդիսանան՝՝Տիգրան Բ. եւ Հռոմը՝՝, ՝՝Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան՝՝ ՝՝Հայաստանի քաղաքական պատմութիւնը՝՝ ՝՝Ֆէոտալիզմը հին Հայաստանում՝՝ ՝՝Հայաստանի գլխաւոր ճանապարհները՝՝ եւ ՝՝Խորենացու առեղծուածի լուծումը՝՝ եւ շատ ուրիշներ։

Մեծ ակադեմականը հանդիսացաւ ռահվիրան հայ ժողովուրդի պատմութեան վիճայարոյց ծալքերն ու խնդիրները քննական եւ գիտական վերծանումի ու գիտահետազօտման արժանացնելու մեծ գործին։ Իբրեւ այդպիսին՝ պատմագիտական իր որոշ մեկնաբանութիւններուն տարակարծիք գտնուողներն անամ յարգանքով կը խոնարհին անոր գիտական մօտեցումին եւ ակադեմական մշակումներուն առջեւ։

Յ. Մանանդեանի հարուստ ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ յունական մշակոյթին ու յատկապէս յունական իմաստասիրութեան նկատմամբ մեծ ակադեմականին տածած շեշտակի սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.