2011-02-06 09:49:50

Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Ծառայողներու Այցելութիւնը Պէյրութի «Տը Լա Քրուա» Հիւանդանոց։


Ուրբաթ, 4 փետրուարին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ «Հ. Գարակէօզեան» հիմնարկի ընկերային ծառայողները այցելեցին «Տը Լա Քրուա» հիւանդանոց, ուր տեսակցեցան հոն գտնուող Հայ հիւանդներուն հետ որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը տառապին մտային եւ հոգեկան տարբեր տեսակի հիւանդութիւններէ։ Հիւանդանոցի ընկերային ծառայողին հետ խորհրդակցաբար, ընկերային ծառայողները անհրաժեշտ նուէրներ, ուտելիքներ եւ վառարաններ տրամադրեցին 40 հիւանդներու, որոնք խմբուած էին սրահի մը մէջ։ Ստեղծուեցաւ ընկերային հաճելի մթնոլորտ. ներկաներուն ուրախութիւնը մեծ էր անոնք այս ընկերային ծառայողներուն յայտնեցին իրենց ցաւերն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին իրենց առօրեայ կարիքները։ Պուլղուրճեան եւ Գարակէօզեան հաստատութիւններու ընկերային ծառայողները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին շարունակելու խնամատար հոգատարութիւնը հայթայթել «Տը Լա Քրուա» հիւանդանոցին ու այնտեղ գտնուող հայ հիւանդներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.