2011-02-06 09:50:32

Իտալիոյ Եկեղեցին կը նշէ կեանքի ի նպաստ նուիրուած օրը։


Այսօր Իտալիոյ Եկեղեցին, ինչպէս ամէն տարուայ փետրուար ամսուայ առաջին կիրակի օրը,կը յիշատակէ <<կեանքի ի նպաստ նուիրուած օրը>> մատնանշելու համար մարդկութեան գոյութեան առաջնակարգ արժէքը։ Այս առթիւ՝ ՜՜Կեանքի ի նպաստ՝՝ օրուայ Եպիսկոպոսական Մնայուն Խորհուրդի պատգամին բնաբանն է <<Դաստիարակել Կեանքի Լիութեան>>։ Պատգամին մէջ նշուած է Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հռոմի Թեմի 2008-ին՝ ուղղած նամակին պարունակութիւնը, որուն մէջ, նորին սրբութիւնը շեշտած է ՜՜Դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան՝՝ պարտականութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուած է թէ դաստիարակութեան տագնապի դրդապատճառը կեանքի հանդէպ վստահութեան պակասն է։ Տագնապ մը կ՝աւելցնեն եպիսկոպոսները որ կը բացայայտուի առօրեայ անցուդարձերով ինչպէս կեանքի բնաջնջումը` տարեցներու հանդէպ անհոգութիւնը եւ կամ ճամբաներու եւ գորածատեղետու մէջ պատահած մահացու արկածները։ Կոսնցնելով Աստուծոյ իմաստը Մարդը ինքզինք կը կորսնցնէ ։ Անհրաժեշտ է բարեփոխել այս իրողութիւնը եւ նայիլ կեանքին իբրեւ Աստուծոյ ամենավսեմ պարգեւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.